8 - 9 նոյեմբեր Պրազիլի Րիո Տէ Ժանէյրօյի մէջ տեղի կ՛ունենայ <<Ժոզէֆ Րացինկեր - Պենետիկտոս
ԺԶ>> հիմնարկի կողմէ կազմակերպուած <<ի՞նչն է որ մարդը մարդ կը դարձնէ>> վերտարութեամբ
հանդիպում մը։ Գիտական այս հանդիպման կեդրոնական նիւթերէն մին պիտի ըլլայ Պրազիլի
մէջ նշուելիք երիտարասրադութեան 2013- ի համաշխարհային օրը։ Հանդիպումը նախապատրաստութիւն
մըն է նաեւ 2013-ի, 24 - 26 նոյեմբեր, Հռոմի Լատերանեան համալասրանի մէջ կազմակերպուած
<<Աւետարաններ, Քրիստոսի մասին պատմական հետազօտութիւն >> վերտառութեամբ գիտաժողովին,
նախաձեռնուած` Իտալիոյ մայրաքաղաքի քահանայապետական բոլոր համալսարաններու համագործակցութեամբ։